«Իսլամական Պետութեան» ոճիրները ցեղասպանութիւն նկատելու կոչ

By Asbarez | Wednesday, 23 December 2015


ԼՈՆՏՈՆ -  <<Պի.Պի.Սի.>> կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի 66 անդամներ նամակ մը յղած են կառավարութեան՝ խնդրելով ճնշում գործադրել ՄԱԿին վրայ, որպէսզի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն կողմէ քրիստոնեաներու եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու սպանութիւններն ու հալածանքը ճանչցուին իբրեւ ցեղասպանութիւն:


comments