Ալիեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ քննած է Արցախի հակամարտութիւնը

By Asbarez | Thursday, 24 December 2015

 

1224Aliyev
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> -  Դեկտեմբեր 22ին, Պաքուի մէջ կայացած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանի հանդիպումը:


Ատրպէյճանական աղբիւրներ կը գրեն, թէ կողմերը ողջունած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան յաջող զարգացումը՝ պնդելով, որ այդ համագործակցութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան կը նպաստէ:


Կողմերը նաեւ կարծիքներ փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ եւ քննարկած Թուրքիայէն ռազմական օգնութիւն ստանալու կարելիութիւնները։


comments

Advertisement