Տեմիրթաշ Ռուսական օդանաւին վրայ յարձակումը «սխալ մը» որակած է

By Asbarez | Thursday, 24 December 2015

1224Demirtas

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին, Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:


<<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>> լրատուական ծառայութիւնը կը գրէ, թէ Լաւրով յիշեցուցած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան ցանկութեամբ՝ Մոսկուա կը գործակցի բոլոր անոնց հետ, ներառեալ՝ քիւրտերուն, որոնք կը պայքարին <<Իսլամական պետութիւն>> կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ:
Իր կարգին, Տեմիրթաշ նշած է, որ ժողովրդավարութեան համար պայքարող քրտամէտ կուսակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, որոնց ներկայ վիճակը <<ցաւալի>> որակած է։ Ան շեշտած է նաեւ, որ թրքական օդուժին կողմէ ռուսական օդանաւին վրայ յարձակումը <<սխալ մըն էր>>:


<<Թուրքիա-Ռուսիա ճգնաժամը պէտք է լուծել այնպէս մը, որ երկու հասարակութիւնները եւ ժողովուրդները վնաս չկրեն>>, նշած է Տեմիրթաշ:


comments

Advertisement