By Asbarez | Thursday, 24 December 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Իրան եւ Հայաստան պէտք է աւելի աշխուժացնեն երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը, յայտարարած է Իրանի ուժանիւթի նախարար, հայ-իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Համիտ Չիթչիան 23 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
<<Իրանեան եւ Հայաստան բարեկամ երկիրներ են, որոնց բարեկամութիւնը սկսած է հին ժամանակներէ: Երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւնները հետզհետէ կ՛աւելնան, նաեւ՝ ուժանիւթի, փոխադրութեան, առեւտուրի եւ այլ բնագաւառներու մէջ։ Ծանօթանալով երկրի կարելիութիւններուն՝ համոզուած եմ, որ մենք բաւական ամուր արմատներ պիտի կարենանք ստեղծել հետագայ համագործակցութեան համար>>, հաստատած է Հ. Չիթչիանին: Ան աւելցուցած է, որ բաւական գոհացուցիչ է ներկայի համագործակցութիւնը, սակայն պէտք է առաւել ամրապնդել զայն։
Նոյն օրը Հայ–իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի 13րդ նիստին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան յայտարարած է, որ Հայաստան–Իրան բարձրավոլթ ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծի կառուցումէն ետք՝ 2019 թուականին, Հայաստան կարելիութիւն պիտի ունենայ քառապատկելու կազ–ելեկտրականութեան փոխանակման ծաւալը:
<<Գազ–ելեկտրաէներգիա փոխանակումն այսօր իրականացւում է փոքր ծաւալով, քանի որ ելեկտրաէնեգիայի փոխանցման հզօրութիւններն օգտագործւում են ամբողջութեամբ, իսկ յաւելեալ հզօրութիւն մենք չունենք: Հայաստան–Իրան գազատարի հզօրութիւնը տարեկան կազմում է 2 միլիառ 200 միլիոն խորանարդ մետր: Մենք օգտագործում ենք ընդամէնը 375 միլիոն խորանարդ մետրը, այսինքն՝ ընդհանուր հզօրութեան 20 տոկոսը: Երրորդ գծի շինարարութիւնից յետոյ՝ 2019 թուականին հնարաւորութիւն կ՛ունենանք քառապատկել այդ ծաւալը>>, յայտնած է նախարարը:
Երուանդ Զախարեանի համաձայն՝ հայ–իրանեան տնտեսական յարաբերութիւնները շատ աւելի ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին, քան քաղաքական յարաբերութիւնները, իսկ տնտեսական համագործակցութեան ներուժը ամբողջովին չ՛օգտագործուիր: Ան տեղեկացուցած է, որ Հայաստան–Իրան բարձրավոլթ լարման երրորդ հոսանքագիծի շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2018ին:
<<Սկսուել են սահմանամերձ Մեղրի եւ Ագարակ համայնքների գազաֆիկացման աշխատանքները, որի ֆինանասաւորման մի փոքր մասը մնացել է 2016 թուականին: Այն իրականացւում է Իրանի դրամաշնորհի հաշուին, որն ամբողջութեամբ նախատեսւում է աւարտել 2016 թուականի առաջին կիսամեակում>>, յայտնած է նախարար Զախարեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ