Ուրֆայի Հայկական որբանոցը կրօնական վարժարանի վերածուած Է՝ դահիճի անունով

By Asbarez | Friday, 25 December 2015

1226urfa

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արեւելք>> - Ուրֆայի մէջ գտնուող հայկական որբանոց մը (1919-1921), որ 1960ին իսլամական կրօնական վարժարանի մը վերածուած է, կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Ուրֆայի կառավարիչ՝ Նուսրեթի անունը։


Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած <<Թուրնեսօլ>> կայքը կը գրէ, թէ Ցեղասպանութեան մասնակից ըլլալով, Նուսրեթ աւելի ուշ դատուած եւ մահուան դատապարտուած է:


Աղբիւրը այս տեղեկութիւնը ստացած է անունը տալ չուզող իսլամացուած հայէ մը, որ նշած է նաեւ, որ Նուսրեթ պէյ նահատակ ճանչցուած կրօնաւոր մըն է շրջանին մէջ:


Ըստ թրքական աղբիւրին՝ այդ շրջանին որբանոցին մէջ գլխաւոր հիւանդապահի պաշտօն վարած Մերի Քերըլայն Հոլմզ իր յուշերուն մէջ գրած է, որ որբանոցին մէջ պահուած են մինչեւ 12 տարեկան որբուհիներ, որոնցմէ ոմանք բռնաբարուած են օսմանցի սպաներու կողմէ:


Կրօնական դպրոցի պատասխանատուները կը յայտնեն, թէ հայկական որբանոցը բռնի կերպով խլուելէ ետք, նախ գործածուած է իբրեւ գորգի գործարան, ապա իսլամական դպրոցի վերածուած է:

 

comments

Advertisement