Անգարա Կը Դատապարտէ Մոսկուայի Մէջ Տեմիրթաշի Կատարած Պնդումը

By Asbarez | Tuesday, 29 December 2015

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի Մոսկուա այցելութիւնը եւ ռուսական օդանաւի զգետնումը <<սխալ>> որակելը մեծ դժգոհութիւն պատճառած էին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին, որ իր կարգին խստօրէն քննադատեց այս այցելութիւնը եւ նոյնիսկ դաւաճանութիւն նկատեց զայն։
Տաւութօղլու պնդեց, թէ Տեմիրթաշի Մոսկուա այցելութեան նպատակն էր Թուրքիան վարկաբեկել արտասահմանի մէջ։ <<Մոսկուա երթալ ու ըսել, թէ օդանաւին վար առնուիլը սխալ էր՝ իրական խայտառակութիւն մը ու դաւաճանութիւն մըն է։ Այսպիսի ժամանակ մը, երբ ռուսերը կը ռմբակոծեն անմեղ թիւրքմէնները, անմեղ արաբները, անմեղ քիւրտերը, վազն ի վազ Մոսկուա երթալ ու ռուսերուն զօրակցիլ՝ կը նշանակէ դաւաճանել երկիրին>>, պնդեց Տաւութօղլու։
Աւելի ուշ, նախագահ Էրտողան եւս դատապարտեց Տեմիրթաշի յայտարարութիւնը, մինչ քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահի փոխանորդ Նազմի Կիւր, որ մաս կը կազմէր Տեմիրթաշի հետ Մոսկուա մեկնած պատուիրակութեան, ըսաւ, թէ կարելի չէ ընդունիլ <<դաւաճանութիւն>> որակումը։
<<Կառավարութիւնը այս օրերուն կը ջանայ խօսիլ Ռուսիոյ կառավարութեան հետ եւ ասիկա դաւաճանութիւն մը չէ՛, իսկ երբ մեր կուսակցութիւնը նոյն բանը ընել ուզէ՝ ատիկա դաւաճանութի՞ւն է>>, հարց տուաւ Կիւր եւ յիշեցուց, որ իրենք առաջին օրէն իսկ ըսած էին, թէ օդանաւին զգետնումը սխալ մըն էր։
Իր կարգին, Տեմիրթաշ անհիմն համարեց իրեն դէմ կատարուած յայտարարութիւնները՝ յիշեցնելով, որ իր կուսակցութիւնը կը շարունակէ խաղաղութեան մասին խօսիլ, մինչ կառավարութիւնը կը շարունակէ սպառնալ՝ <<պիտի մաքրենք, պիտի թաղենք>> ըսելով եւ կացութիւնը առաւել եւս հրահրելով։
Տեմիրթաշ նաեւ ըսաւ, որ կառավարութեան գործադրած սխալ քաղաքականութենէն ժողովուրդը պէտք չէ տուժէ, եւ ցաւ յայտնեց, որ Մոսկուայէն իր վերադարձին՝ օդանաւը դատարկ եղած է։
<<Քանի որ մեզ դաւաճան հռչակեցին՝ ծունկի՞ գանք։ Ո՛չ, մենք պիտի շարունակենք, իսկ իրենք հիմա դարձած են այնպիսի կառավարութիւն մը, որուն հետ խօսիլ կը ցանկայ ո՛չ մէկ երկրի առաջնորդ>>, եզրակացուց Տեմիրթաշ։

comments

Advertisement