«Հայաստանի համար լրտեսող» Ատրպէյճանցի լրագրողը 6 տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուի

By Asbarez | Wednesday, 30 December 2015

1230Rauf-Mirkadirov

ՊԱՔՈՒ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> -  Ատրպէյճանական ծանր յանցագործութեանց դատարան մը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտեց յայտնի լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրովը՝ զայն ամբաստանելով <<Հայաստանի համար լրտեսութիւն կատարելու>> յանցանքով, շարք մը այլ յանցանքներու կողքին:


Մարդկային իրաւանց պաշտպաններ անհիմն կը նկատեն Միրքատիրովի հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները։ Ատեանին որոշումէն ետք, դատապարտեալին փաստաբանը՝ Ֆուատ Աղաեւ, եւս յայտարարեց, թէ Միրքատիրով կը շարունակէ մերժել իր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները՝ աւելցնելով, թէ անոնք քաղաքական նպատակներով ներկայացուած են:


<<Առանց սահմանի լրագրողներ>> կազմակերպութիւնը դատապարտեց մրցանակներու արժանացած այս լրագրողին դատավարութիւնը՝ կոչ ընելով Պաքուի իշխանութեանց, որ անմիջապէս ազատ արձակէ զայն։ Կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատուն՝ Եոհան Պիհր, Միրքատիրովը նկատած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը քննադատողներուն դէմ սկսած <<վհուկներու որս>>ի նորագոյն զոհը։
Նշենք, որ 54ամեայ Միրքատիրով ձերբակալուած էր Թուրքիոյ մէջ եւ ապա յանձնուած Պաքուի իշխանութիւններուն: Ան <<Զերքալօ>>ի եւ քանի մը այլ թերթերու յօդուածագիր էր, որ նախքան ձերբակալուիլը՝ երեք տարի ապրած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողքին՝ քննադատելով նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան կարգ մը քայլերը։


Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան պնդումով՝ լրագրողը <<ի վնաս Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, ապահովութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, 2008ի Ապրիլէն ի վեր Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ ներգրաւուած է գաղտնի համագործակցութեան մէջ>>: Կը նշուի նաեւ, որ ենթական բազմաթիւ առիթներով հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ, տեղեկութիւններ հաղորդելով Ատրպէյճանի հասարակական-քաղաքական եւ ռազմական իրավիճակին մասին՝ զանոնք <<Ատրպէյճանի դէմ թշնամական գործունէութեան համար օգտագործելու նկատառումով>>:


Միրքատիրով կրնար մինչեւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուիլ, եթէ հասցէին կատարուած բոլոր ամբաստանութիւնները հաստատուէին։
Նշենք, որ Ռաուֆ Միրքատիրով <<ժողովրդային դիւանագիտութեան>> ծիրէն ներս աշխուժօրէն մասնակցած է հայկական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ համատեղ իրականացուած բազմաթիւ նախագիծերու, եւ այդ նպատակով ալ բազմիցս այցելած է Հայաստան:


2014ի Ապրիլին տեղի ունեցած Ռաուֆ Միրքատիրովի ձերբակալութեան առիթով գրուած խմբագրականի մը մէջ, <<Ազատ Արցախ>>ը հետեւեալը գրած էր. <<Ձերբակալութիւնը կարելի է դիտել նաեւ որպէս ահաբեկման գործողութիւն՝ ուղղուած այն ադրբեջանցիներին, ովքեր, հակառակ պաշտօնական դիրքորոշման՝ պատրաստ էին հայկական կողմի հետ հասարակական մակարդակով համագործակցելու: Այլ խօսքերով՝ լրտեսութեան մոլուցքը դարձել է Ադրբեջանի ղեկավարութեան հակահայկական միջոցների զինանոցը համալրող եւս մէկ գործիք>>:

comments