By Asbarez | Wednesday, 30 December 2015
ՊՈԼԻՍ, ԱՆԳԱՐԱ, <<Մարմարա>>, <<Ռոյթըրզ>> - Քրտական շարժումի ղեկավարները այլեւս բացայայտ կերպով սկսան խօսելու Տիգրանակերտի ու շրջակայքին մէջ ինքնավարութիւն հաստատելու իրենց ծրագիրին մասին։
Դեկտեմբեր 27ին աւարտած քրտական Ժողովրդավարական ընկերութիւն համախմբումի երկօրեայ արտակարգ համագումարը հրատարակեց 14 պահանջներէ բաղկացած հաղորդագրութիւն մը՝ յստակօրէն պնդելով քիւրտերու ինքնավարութեան վրայ, մինչեւ իսկ այդ շրջանին մէջ քրտերէնը ընդունելով որպէս պաշտօնական լեզու։
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը աւելի ուշ յստակ կերպով իւրացուց այս պայքարը, երբ կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ խօսեցաւ ապագայ Քիւրտիստանի մը մասին։
Այս զարգացումը, ինչպէս կը սպասուէր, Դեկտեմբեր 28ին ռումբի նման պայթեցաւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս։ Առաջին խիստ ազդարարութիւնն ու մեկնաբանութիւնը եկաւ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղէն, որ ըսաւ, թէ Տեմիրթաշ սկսած է խօսելու իբրեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանբերը՝ պաշտպանելով <<անջատողականութեան համար կռուող ահաբեկիչները>>։
Իր կարգին, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, առանց անուն տալու ըսաւ, թէ <<ղեկավար մը ապուշ յայտարարութիւններ կատարած է, ինչ որ յստակօրէն հրահրում եւ դաւաճանութիւն է>>։
Նաեւ, Անգարայի դատախազութիւնը հարցաքննութիւն բացաւ Տեմիրթաշի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ, իսկ Տիգրանակերտի դատախազութիւնը հարցաքննութիւն բացաւ Տեմիրթաշի, Ժողովրդավարական ընկերութիւն համախմբումի համանախագահ Հաթիպ Տիճլէի ու քանի մը այլ գործիչներու դէմ։ Անգարայի դատախազութիւնը, Թուրքիոյ քրէական օրէնքին շրջագիծով, սահմանադրական կարգավիճակի գործադրութեան դէմ յանցագործութիւն նկատեց Տեմիրթաշի յայտարարութիւնը։
Նաեւ, Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն եւս խիստ հակազդեցութիւն եկաւ հռչակուած ինքնավարութեան դէմ։ Կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ, խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստիւ պախարակեց համագումարին որոշումները ու այս ժխտական զարգացումներուն ուղղակի պատասխանատուն նկատեց իշխող կուսակցութեան քաղաքականութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ