Ատրպէյճան Զանազան Երկիրներու Մէջ Իր Ներկայացուցչութիւնները Կը Փակէ

By Asbarez | Tuesday, 05 January 2016

Flag_of_Azerbaijan.svg

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ատրպէյճանական «haqqin.az» կայքը հաղորդած է, որ Ատրպէյճան որոշած է փակել Ուրուկուէյի, Քոլոմպիոյ եւ Քուպայի մէջ իր դիւանագիտական եւ առեւտրական ներկայացուցչութիւնները: Պիտի փակուին նաեւ Ժընեւի (Զուիցերիա), Պէյրութի (Լիբանան), Փրատիսլաւիոյ (Սլովաքիա), Խարքովի (Ուքրանիա) եւ ամերիկեան Սանթա Ֆէ քաղաքներուն մէջ գործող պատուոյ հիւպատոսարանները:

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը յատկացնէր այդ դեսպանատուներուն եւ պատուոյ հիւպատոսարաններուն համար:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ յետաձգուած է Թայլենտի, Օմանի, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուներու բացումը:

comments