Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութեան Համանախագահները Երեսփոխանական Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Կոչ

By Asbarez | Tuesday, 05 January 2016

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ քննադատեց քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդային կուսակցութեան համանախագահներ Սալահետտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Իւքսեքտաղի յայտարարութիւնները, ուր յստակօրէն կը պնդուէր քիւրտերու ինքնավարութեան հարցը։ Համանախագահները խօսած էին նաեւ ապագայ Քիւրտիստանի մը մասին։

Այս յայտարարութիւններուն մասին իր տեսակէտները պարզելով՝ Էրտողան ըսաւ, որ Տեմիրթաշի եւ Իւքսեքտաղի խօսքերը սահմանադրական յանցանք են, ու ազդանշաններ տուաւ, թէ երկուքին երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը պէտք է ջնջուի, որպէսզի կարելի ըլլայ դատական հետապնդում կատարել անոնց այս «դաւաճանութեան» առնչութեամբ։

«Կուսակցութիւնը փակելու հարց մը չկայ օրակարգի վրայ, բայց երկու համանախագահները, ինչպէս նաեւ նմանօրինակ յայտարարութիւններ ըրած այլ երեսփոխաններ ու քաղաքապետներ, անպայմա՛ն պատասխան պէտք է տան դատարանին առջեւ», նշեց Էրտողան՝ աւելցնելով. «Երբեք պիտի չարտօնենք, որ երկիրը պառակտուի ու բաժան-բաժան ըլլայ»։

Իր կարգին, Իւքսեքտաղ ուղղակի մարտահրաւէր կարդաց Էրտողանին եւ ըսաւ, որ երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը որոշ անձեր օրակարգի բերած էին նաեւ Յունիս 7ի ընտրութիւններէն ետք, իսկ իրենք 80 երեսփոխաններով աղերսագիր յանձնած էին խորհրդարանի նախագահին։

Յայտնի է, որ դիւրին պիտի չըլլայ մէկ հարուածով ջնջել վեց միլիոն քուէ ստացած կուսակցութեան մը ղեկավարներուն երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը։ Նախագահի ընդդիմախօսներուն կողմէ կը պնդուի, որ Էրտողան կը խախտէ սահմանադրութիւնը, երբ խորհրդարանին կը թելադրէ ջնջել երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը։

Միւս կողմէ, քրտաբնակ շրջաններուն մէջ քաղաքական խառնակ կացութիւնը կը շարունակուի միեւնոյն սաստկութեամբ՝ ամէն օր խլելով բազմաթիւ զոհեր եւ ամէնուրեք սփռելով կսկիծ ու տառապանք։

Քրտամէտ կուսակցութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլան այս կացութեան դիմաց իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, որ պէտք է վերսկսիլ լուծման գործընթացի բանակցութիւններուն։

Ան նշեց. «Լուծման գործընթաց ըսելով՝ բան չմնաց մէջտեղը։ Դժբախտաբար, Էրտողան կիցը զարկաւ եւ մէջտեղը լուծման գործընթաց չմնաց։ Այս կացութենէն դուրս պէտք է գանք եւ պէտք է շարունակենք բանակցութիւններն ու լուծման գործընթացը։ Հարցերը լուծելու այլ ճամբայ չկայ այլեւս»։

 

comments