1-7 Յունուար Հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ շուրջ 4500 կրակոց արձակուած է

By Asbarez | Saturday, 09 January 2016

 

0109front

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ ամանորեայ տօներուն ընթացքին հիմնականին մէջ պահպանուած է ղարաբաղեան եւ ատրպէյճանական բանակներու շփման գիծի յարաբերական անդորրը:

1-7 Յունուարին միջեւ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 4500 կրակոց:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը պահպանեն լիակատար վերահսկողութիւնը եւ կը շարունակեն վստահութեամբ իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:


comments

Advertisement