Արաբական Լիկան դատապարտեց Թեհրանի մէջ Սէուտական Դեսպանատան վրայ յարձակումը

By Asbarez | Tuesday, 12 January 2016

0112Arab


ԳԱՀԻՐԷ, <<Ռոյթըրզ>> -  Սէուտական Արաբիոյ առաջարկով, Արաբական լիկայի խորհուրդը Յունուար 10ին գումարեց արտակարգ ժողով մը՝ քննարկելու համար Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան եւ Մեշհատի մէջ սէուտական հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումները: Ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը դատապարտեց Իրանի մէջ սէուտական դիւանագիտական առաքելութեանց դէմ յարձակումները, այդ առաքելութիւնները պաշտպանելու մէջ Իրանի թերացումը, ինչպէս նաեւ՝ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն մէջ իրանեան միջամտութիւնները:

Ժողովը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն յայտնեց <<ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ սէուտական ջանքերուն>>։

Ժողովին մասնակից բոլոր երկիրները թեր քուէարկեցին հաղորդագրութեան՝ բացի Լիբանանէն, որ հաղորդագրութեան մէջ <<Հըզպալլա>>ն ահաբեկչութեան առնչող բաժինին պատճառով բողոք արձանագրելով՝ ձեռնպահ մնաց:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ Իրաք հաղորդագրութեան կարգ մը կէտերուն նկատմամբ վերապահութիւններ ունի:

Միւս կողմէ, Իրանի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ալի Ամիրի յայտարարեց, որ սէուտական դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով, պաշտօնազրկուած է Թեհրանի նահանգապետի ապահովական հարցերով օգնական Սաֆար Ալի Պրաթլոն՝ նշելով, որ դեսպանատան եւ Մեշհատի հիւպատոսարանին վրայ յարձակումները դատապարտելի են:

<<Թեհրանի յարձակումին գծով ձերբակալուեցան մօտաւորապէս 60 անձեր, որոնք ներկայիս կը հարցաքննուին, իսկ բոլոր թերացում արձանագրողները պիտի պատժուին>>, ըսաւ բանբերը։

 


comments