By Asbarez | Tuesday, 12 January 2016
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Արմատներով հադրութցի պարիթոն Սար Սարգսեան Սպանիոյ Լլորետ տէ Մար ծովափնեայ քաղաքին մէջ մասնակցած է <<Gran Fiesta>> միջազգային արուեստի մրցոյթին եւ նուաճած տարեկան <<Գրան Փրի>>ն:
<<Արցախփրէս>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սար Սարգսեան նշած է, որ միջազգային արուեստի մրցոյթը կազմակերպած էր <<Fiestalonia Milenio>> միջազգային կազմակերպութիւնը:
<<Տարբեր երկրների շուրջ 100 ներկայացուցիչների հետ մասնակցելով երկու՝ <<Folk vocal>> եւ <<Pop Vocal>> անուանակարգերում արժանացել եմ երկու մրցանակի: <<Folk vocal>>ում, կատարելով <<Ղարաբաղի հորովել>> երգը, արժանացել եմ առաջին մրցանակի, իսկ <<Pop Vocal>>ում՝ Falvo <<Dicitencellovuje>> երգով՝ <<Գրան Պրի>>ի>>, ըսած է Սարգսեան եւ ընդգծած, որ իրեն համար ասիկա մեծ հպարտութիւն է , քանի որ մրցումին կը մասնակցէր նաեւ Ատրպէյճանէն եկած մեծ պատուիրակութիւն մը։ <<Իմ արցախցի երգչիս յաղթանակով հայոց եռագոյնի ծածանումը մեծ խորհուրդ ունի>>, հպարտութեամբ յայտարարած է Ս. Սարգսեան:
Ս. Սարգսեանի համաձայն՝ հակառակ անոր որ իր յաղթանակի պահուն Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները շատ լարուած ու ջղային էին, բարեբախտաբար, որեւէ տհաճ միջադէպ չէ արձանագրուած։
Նշենք նաեւ, որ մրցոյթին Սար Սարգսեան ներկայացուցած է Կատարողական արուեստի համաշխարհային միութիւնը (WAPA)՝ նախագահ Արման Ղուկասեանի գլխաւորութեամբ: Նախորդ տարի արցախցի երգիչը Պուլկարիոյ եւ Խրուաթիոյ մէջ կայացած միջազգային մրցումներուն արժանացած էր 2 <<Կրան Փրի>>ի մրցանակին, Իտալիոյ եւ Խրուաթիոյ մէջ երկուքական անուանակարգերու մէջ 4 ոսկի մետալի եւ Լիթուանիոյ մէջ՝ <<Լաւագոյն դասական երգիչ>> անուանակարգի պարգեւին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ