By Asbarez | Wednesday, 13 January 2016

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ <<Նիւ Եորք Թայմզ>> օրաթերթով լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ Իրան ցարդ չէ խզած Սէուտական Արաբիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները, սակայն անոր համբերութիւնը անսահման չէ:
<<Իրան, իր ուժերուն վստահ ըլլալով՝ հրաժարեցաւ պատասխան միջոցառումներու ձեռնարկելէ եւ խզելէ կամ գոնէ նուազեցնելէ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը>>, կը գրէ Զարիֆ՝ յիշեցնելով, որ տագնապին առաջին օրերուն, թէ՛ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւ թէ ինք բազմիցս յորդորած են Ռիատը՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար երկխօսութեան սկսիլ, սակայն <<Սէուտական Արաբիա չանսաց այդ յորդորներուն>>, կ՛աւելցնէ ան:
<<2013ին իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած ժամանակաւոր համաձայնութենէն ետք, Սէուտական Արաբիա սկսաւ իր բոլոր ջանքերը գործադրելու, որպէսզի համաձայնութիւնը վիժեցնէ: Այսօր ալ Ռիատի մէջ ոմանք ոչ միայն կը շարունակեն խոչընդոտել յարաբերութիւններու բնականոնացման, այլ նաեւ կը ձգտին տագնապին մէջ ներքաշել ամբողջ շրջանը>>, կը նշէ Իրանի դիւանագիտութեան պետը:
Ան կը պնդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները մտահոգ են այն բանով, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը իբրեւ համաշխարհային սպառնալիք նկատուելէ դադրելէն ետք՝ միջազգային ընտանիքը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Ռիատի կողմէ ծայրայեղականութեան հովանաւորման, ինչ որ Զարիֆի կողմէ կը նկատուի իսկական համաշխարհային սպառնալիք:
<<Հիւլէական համաձայնագիրը վիժեցնելու, շրջանին մէջ լարուածութիւնը պահպանելու եւ նոյնիսկ սաստկացնելու Սէուտական Արաբիոյ ռազմավարութիւնը ունի երեք բաղադրիչ՝ Արեւմուտքի վրայ ճնշումը, Եմէնի մէջ պատերազմի միջոցով շրջանային անկայունութեան խորացումը եւ ծայրայեղականութեան աջակցիլն ու Իրանի դէմ բացայայտօրէն սադրելը>>, կը գրէ ան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թուրք դեսպաններուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Անգարա <<պատրաստ է պէտք եղածը ընելու՝ վերջ տալու համար Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ լարուածութեան, որ յառաջացաւ, երբ Ռիատ Յունուար 2ին մահապատիժի ենթարկեց շիի ականաւոր հոգեւորական մը, իսկ Թեհրան չկրցաւ սէուտական դեսպանատունը պաշտպանել անոր դէմ կատարուած յարձակումէն>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ