* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Ատրպէյճանցիները Կը Բողոքեն Հայաստան-Թուրքիա Կապերուն Դէմ

Friday, 16 October 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: armenia, armenia-turkey, turkey, protocols

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>.- Ատրպէյճանի Ազգային ընկերվարական կուսակցութիւնը, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին, առաջարկած է Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն շուրջ քննարկումներ կազմակերպել։ Կուսակցութիւնը նաեւ առաջարկած է տուն կանչել Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը եւ վերատեսութեան ենթարկել իր անդամակցութիւնը միջազգային այն ծրագիրներուն, որոնց կը մասնակցի նաեւ Անգարան։

Կուսակցութեան ղեկավար Ռովշան Հուսէյնով յայտարարած է. <<Եթէ Հայաստանի հետ սահմանը բացուի նախքան ատրպեճանական հողերուն ազատագրումը, ապա Անգարան թիկունքէն հարուած մը հասցուցած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին։ Պաշտօնական Պաքուն պէտք է կանխէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դաւաճանական քայլերը, որոնք փաստացիօրէն կը հակասեն Ատրպէյճանի շահերուն>>։

Հուսէյնով նաեւ ըսած է, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները այժմ բանակցութիւններ կը վարեն ընդդիմութեան հետ եւ կը փորձեն անոնց հետ եւս համաձայնութիւն գոյացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման շուրջ։

<<Մենք թուրք ժողովուրդին հետ որեւէ խնդիր չունինք. մենք կտրուկ կերպով դէմ կ՛արտայայտուինք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, որոնք կանգնած են Ատրպէյճանը դաւաճանելու ճանապարհին վրայ>>, յայտարարած է ան:
Ազգային ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ նաեւ կազմակերպուած էր նման ցոյց մը, ուր նմանապէս դատապարտուեցան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները սերտացնելու փորձերը եւ յատկապէս՝ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը:

<<Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հայկական կուսակցութիւն է. թշնամի է թուրքերուն>>, <<Թող յաւերժ ապրի թրքական միութիւնը>> եւ նման գրութիւններ կրող պաստառներու առջեւ ցոյց կատարողները կոչ ըրին Թուրքիոյ խորհրդարանին, որ չվաւերացնէ արձանագրութիւնները: Ոստիկանութիւնը միջամտելով՝ ցրուեց այս ցոյցը եւս եւ ձերբակալեց քանի մը ցուցարարներ, ներառեալ կուսակցապետ Թուֆան Քարիմը:

Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ բողոքող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց նաեւ Եւրոպայի ատրպէյճանցիներու խորհուրդը:

Միւս կողմէ, Թուրքիա այցելող Ատրպէյճանի խորհրդարանէն 11 անդամներ հանդիպում մը ունեցած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մեհմէտ Ալի Շահինի հետ։ Երեսփոխանները խնդրած են Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները չվաւերացնել, այնքան ատեն որ հայկական ուժերը <<ատրպեճանական հողամասերէն>> չեն հեռացած։

Երեսփոխանները գոհ մնացած են Էրտողանէն լսած պատգամներէն: Ան վստահեցուցած է, թէ Թուրքիա Ատրպէյճանի շահերուն դէմ պիտի չգործէ։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement