Ժաաժաա նեցուկ կը կանգնի Աունի՝ Լիբանանի նախագահ ընտրուելուն

By Asbarez | Wednesday, 20 January 2016

 

0120Geagea_Aoun

 

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> -  Լիբանանցիներուն համար երազ նկատուող պահը Յունուար 18ին դարձաւ իրական, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա յայտարարեց, թէ նախագահական ընտրութեան առումով, իր կուսակցութիւնը պաշտօնապէս պիտի որդեգրէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

Ոմանց կողմէ պատմական եւ այլոց կողմէ գերիրապաշտ որակուած այս կեցուածքը որդեգրուեցաւ ներկայութեամբ զօր. Աունի, մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ կուսակցական պատասխանատուներու:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ժաաժաա յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը երկար քննարկումներէ ետք որոշած է որդեգրել զօր. Աունի թեկնածութիւնը, որովհետեւ <<երկու կողմերը յանձնառութիւն յայտնած են հսկելու Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, Թայէֆի համաձայնագիրին, երկրի սահմանադրութեան, շրջանային եւ միջազգային առումով գերիշխանական սկզբունքներու որդեգրումին, օրէնքի միջոցով հարցերու լուծման՝ առանց զէնքի ուժին դիմելու, նաեւ՝ լիբանանեան բանակին նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան եւ իսկական հաւասարութիւն ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մշակման>>:

Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան ուժերուն՝ շեշտելով, որ Ժաաժաայի նշած սկզբունքներուն համար <<պայքարած ենք եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որ Լիբանան դառնայ օրինակելի երկիր մը>>: Ան յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը հեզասահ ընթանայ՝ շեշտելով, որ իրենք ոչ ոքի նկատմամբ ոխակալութեամբ պիտի վարուին, եւ մաղթելով, որ նուազագոյնը մէկ անգամուան համար կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել:

 

comments

Advertisement