By Asbarez | Friday, 22 January 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Թասս>> - Ժընեւի մէջ հրապարակուած՝ իրաքեան տագնապին ընթացքին քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան վերաբերող ՄԱԿի զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ <<Իսլամական պետութեան>> որոշ գործողութիւններ կրնան գնահատուիլ իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւններ, մարդկութեան դէմ ոճիրներ եւ նոյնիսկ՝ ցեղասպանական արարքներ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ այս ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր բռնարարքները եւ մարդկային իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներու կը դիմէ։
Մասնաւորաբար, բազմաթիւ վկայութիւններ կան այն մասին, որ սպանութիւնները դարձած են <<սոսկալի հրապարակային ներկայացումներ>>: Ստացուած են նաեւ հաղորդումներ՝ զինուորագրուած երեխաներու սպանութեան մասին, որովհետեւ անոնք Անպար նահանգին մէջ լքած են ռազմաճակատի գիծը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ