Սուրիական Հայաբնակ Ղնեմիէ գիւղը ազատագրուեցաւ

By Asbarez | Saturday, 23 January 2016

ՀԱԼԷՊ, <<Գանձասար>> -  Հալէպէն <<Գանձասար>> թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան, վկայակոչելով <<Շամ Թայմզ>> լրատու գործակալութիւնը՝ կը յայտնէ, թէ սուրիական բանակը ազատագրած է Լաթաքիոյ շրջանի շարք մը գիւղեր, որոնց կարգին՝ հայաբնակ Ղնեմիէ գիւղը: Ղնեմիէի բնակչութիւնը հեռացած էր գիւղէն 4 տարի առաջ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներխուժման պատճառով:

Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ: Հոն կը գտնուի Հայ առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1875ին, Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ: Տեղացի ծերունիներու վկայութեանց համաձայն՝ 1875ը նորոգութեան թուական կը համարուի, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուան հնութիւն ունի:

1959ին, օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը: Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 Օգոստոս 1959ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ 31 Յուլիս 1960ին, ձեռամբ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի: 1997ին, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ վերանորոգուած է անոր գմբէթը: Իսկ 1991ին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը:

Տեղին է յիշել, որ նախքան սուրիական պատերազմը, Ղնեմիէ գեղատեսիլ գիւղին մէջ սուրիահայ միութիւններ իրենց տարեկան ճամբարներն ու արշաւները կը կազմակերպէին, իսկ ամէն տարի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին հանդիպակաց Կիրակի օրը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցի:

 


comments

Advertisement