By Asbarez | Tuesday, 26 January 2016
ՏԱՒՈՍ - Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ <<Սի.Էն.Էն.>>էն հաղորդումի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ չէր քարիւղի եկամուտներու այսպիսի կտրուկ նուազումի:
<<Մենք յետ-քարիւղային ժամանակաշրջանին կը սպասէինք ոչ թէ այժմ, այլ՝ 20 տարի ետք: Քարիւղի գիներու շարունակական անկումը հոգեբանօրէն խիստ ճնշող է>>, նշած է ան:
Ալիեւ նաեւ խոստովանած է, որ ազգային դրամանիշի՝ մանաթի, փոխարժէքը արհեստականօրէն բարձր պահուած էր, իսկ անոր արժեզրկումին՝ <<մարդիկ պատրաստ չեն եղած>>:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ տարուան երկրորդ կէսէն սկսեալ քարիւղի գինը կը սկսի բարձրանալու, իսկ 2017ին, մէկ տակառին գինը կը հասնի 60-70 տոլարի:
Մանաթի արժեզրկումին եւ սղաճին դէմ, վերջերս Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ