Սուրիոյ բանակը իր հակակշռին տակ առած է Լաթաքիոյ մէջ 18 գիւղ

By Asbarez | Tuesday, 26 January 2016

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> -  Սուրիոյ բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ սուրիական բանակը վերջին երկու օրուան ընթացքին, Լաթաքիոյ գիւղական հիւսիսային շրջանին մէջ իր վերահսկողութեան տակ առած է 18 գիւղեր՝ սպաննելով բազմաթիւ զինեալներ, մինչ այլ զինեալներ փախուստ տուած են դէպի Թուրքիա: Արդարեւ, բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է աւելի քան 120 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն մը:


Սպայակոյտը յայտնեց, որ նշեալ քայլը ամբողջացումն է վերջին քանի մը օրուան ընթացքին շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակին արձանագրած յառաջխաղացքին, մասնաւորաբար՝ Նահիէթ Ռապիհայի վրայ վերահսկողութեան հաստատման: Վերջինս կը նկատուի նշեալ շրջանին մէջ ահաբեկիչներու մեծագոյն կեդրոններէն մէկը:


Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարող քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան պիտի չարտօնէ Եփրատ գետի արեւմտեան ափը անցնիլ՝ հերքելով այն լուրերը, թէ այդ քրտական կուսակցութեան զինեալները արդէն իսկ անցած են գետը:


Նաեւ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց շաբաթավերջին տարաձայնուած այն լուրը, թէ Թուրքիոյ ուժերը դարձեալ վար առած են ռուսական ռազմական օդանաւ մը։

 

comments

Advertisement