Աթէնք Թուրքիան կը մեղադրէ գաղթականներու դէպի Եւրոպա ապօրինի հոսքին համար

By Asbarez | Tuesday, 26 January 2016

 

ԱԹԷՆՔ - Գերմանական <<Տէօչը Վելէ>> պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս Թուրքիան քննադատած է՝ գաղթականներ անօրինական ճամբով Եւրոպա ուղարկելու գործով զբաղող յանցագործներու աջակցելուն համար:


<<Մեծ մտահոգութիւն ունիմ, որ թուրք մաքսանենգները, որոնք մարդիկ կը տեղափոխեն, կը ստանան իշխանութիւններուն աջակցութիւնը: Նախ եւ առաջ, նաւահանգիստներու վարչակազմերը կը ձեւացնեն, թէ իրենք ոչինչ կը տեսնեն>>, ըսած է նախագահը: Ան շեշտած է, թէ Յունաստանի իշխանութիւնները ապացոյցներ ունին այս գծով: Մաքսանենգներու գործը <<ստրկավաճառութեան նման է>>, ընդգծած է նախագահը:


Նշենք, որ Եւրոմիութեան ոստիկանական սպասարկութիւնը հաղորդեց, թէ գաղթականներ ապօրինաբար Եւրոպա հասցնող մաքսանենգները 2015ին մօտաւորապէս 6 միլիառ տոլարի եկամուտ ապահոված են:

 


comments

Advertisement