By Asbarez | Wednesday, 27 January 2016
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Ռոյթըրզ>> - Եւրոմիութիւնը դարձեալ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է անյապաղ զինադադար հաստատելու քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերսկսիլ բանակցութիւններուն:
Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական պետ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, որ Պրիւքսէլ մտահոգ է Թուրքիոյ հարաւարեւելքին մէջ շարունակուող բախումներով՝ աւելցնելով. <<Վճռականապէս կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը, ներառեալ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ իրագործուածները>>:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները Դեկտեմբերին արտակարգ վիճակ յայտարարած են քրտաբնակ շարք մը շրջաններու մէջ, ուր քիւրտ զինեալներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ բախումները կը շարունակուին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ