Ուքրանիոյ Չեռնիքով քաղաքին մէջ ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած խաչքար տեղադրուած է

By Asbarez | Wednesday, 27 January 2016

 

0000UKRAIN

 

Ուքրանիոյ Չեռնիքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած խաչքարի բացման արարողութիւնը:

Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Դաւիթ Մկրտչեան յայտնեց, որ ձեռնարկին մասնակցեցան հայ եւ ուղղափառ հոգեւորականութեան, տեղի հայկական համայնքի եւ քաղաքի ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակը 2014-2015 թուականներուն Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններէն եղած է: Միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանի առաջարկով Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու համակարգման համար յատուկ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ։

Նախաձեռնուած են եկեղեցիներու բակերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններու տեղադրման աշխատանքներ։


comments