By Asbarez | Wednesday, 27 January 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - ԵԽԽՎի մէջ հակահայ երկու բանաձեւերուն վերաբերող քուէարկութենէն, անոնցմէ մէկուն ընդունումէն եւ միւսին մերժումէն ետք ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը այս մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։
Հոն կը նշուի, որ հայկական կողմը այս հարցին վերաբերեալ նախապէս տարած էր համապատասխան աշխատանքներ, որոնց կարգին՝ հանդիպումներ ունեցած է ԵԽԽՎի պատուիրակներուն հետ ու ներկայացուցած իր դիրքորոշումներն ու մտահոգութիւնները բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած ձեւակերպումներուն առնչութեամբ, որոնք համահունչ չէին միջազգային հանրութեան ու, առաջին հերթին, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներ՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ արտայայտած դիրքորոշումներուն ու յայտարարութիւններուն:
<<Բանաձեւերը մեծապէս խեղաթիւրում էին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պատմութիւնն ու էութիւնը եւ անթոյլատրելիօրէն միջամտում խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, ինչի մասին են վկայում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների Յունուարի 22ի ու աւելի վաղ արուած միւս յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ լիագումար նիստում բազմաթիւ պատուիրակների ելոյթները>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայկական պատուիրակութիւնը կը յայտնէ, որ Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամները՝ ըմբռնելով պահուան պատասխանատուութիւնը, քուէարկութեան ընթացքին մերժեցին Ռոպերթ Ուոլթըրի <<Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ>> տխրահռչակ բանաձեւը:
Սարսանգի ջամբարին վերաբերեալ բանաձեւին գծով կը նշուի, որ ԵԽԽՎի կարգ մը պատգամաւորներ՝ անտեսելով միջազգային հանրութեան կարծիքը, դրսեւորելով միակողմանի մօտեցում, քուէարկեցին յօգուտ անոր՝ այդպիսով <<հումանիտար-տեխնիկական բնոյթի զեկոյցին տալով քաղաքական բովանդակութիւն>>:
<<Մեր խորին երախտագիտութիւնն ենք յայտնում ԵԽԽՎի այն պատուիրակներին, ովքեր ցուցաբերեցին սկզբունքային դիրքորոշում ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի քաղաքական կարգաւորման գործընթացի լիակատար ըմբռնում երկու բանաձեւերի քուէարկութեան ժամանակ եւ իրենց վճռական դիրքորոշմամբ մերժեցին Ռոբերտ Ուոլթերի՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման համար վտանգաւոր զեկոյցը>>, կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ