By Asbarez | Thursday, 28 January 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպըր 27 Յունուարին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։
Նախագահին հետ կայացած տեսակցութեան ընթացքին Հերպըրթ Զալպըր դիտել տուած է, որ Եւրամիութիւնը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի շուտափոյթ ու խաղաղ լուծմամբ եւ կ՛ուզէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նպաստել այս տագնապի փարատման՝ աջակցելով այդ հարցով զբաղող ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն, որոնք միակ համաձայնեցուած եւ ընդունելի ձեւաչափերն է:
Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ Եւրոմիութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշման պահպանումը եւ խնդիրի համապարփակ լուծման համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու յանձնառութեան իրականացումը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Մինսկի խումբին միջոցով ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն, առկայ իրավիճակին եւ գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու կարելիութիւններուն: Նախագահը ներկայացուցած է հայկական կողմին մօտեցումները: Հանդիպման մասնակիցները միտքեր փոխանակած են տագնապի խաղաղ կարգաւորման ԵՄի աջակցութեան հնարաւոր ուղիներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս հաստատուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ռազմական լուծում չունի, եւ անիկա կրնայ լուծուիլ միայն հակամարտող կողմերուն շահերը բաւարարող եւ կողմերուն համար ընդունելի փոխզիջումներու հիման վրայ:
Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին եւս քննարկուած է ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային գործընթացը: Նալբանդեան Հերպըրթ Զալպըրին ներկայացուցած է նախորդ ամիս Պեռնի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման արդիւնքները:
Հերպըրթ Զալպըր վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն՝ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերող:
Կողմերը անդրադարձած են Հայաստան–Եւրապական Միութիւն համագործակցութեան, միտքեր փոխանակած են համագործակցութեան խորհուրդի 16րդ նիստի արդիւնքներուն վերաբերեալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ