Պայթումներ հարուածեցին Դամասկոսի Սայիտա Զէյնապ շրջանը

By Asbarez | Tuesday, 02 February 2016

0202Sayida-Zeinab

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Յունուար 31ին, Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Սայիտա Զէյնապ շրջանը հարուածած երեք ականահարումներուն թիրախն էին խիտ բնակչութիւն ունեցող փողոց մը:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ ականահարումներուն պատճառով արձանագրուած է 45 զոհ եւ 40 վիրաւոր: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց՝ զոհերուն թիւը 60 է:

Ժընեւի խաղաղութեան բանակցութիւնները շուքի տակ ձգած այս ականահարումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց <<Իսլամական պետութիւն>>ը:

Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի դատապարտեց ականահարումները՝ նշելով, որ անոնց նպատակը քաղաքական հոլովոյթը ընթացքի մէջ դնելու փորձերը արգելակելն է: Ան նշեց, որ այդ արարքին հեղինակները կը փորձեն <<սպաննել>> խաղաղութեան հաստատման յոյսը:

Նշենք, որ Ժընեւի մէջ բանակցութիւնները տեղքայլի մէջ են, որովհետեւ ընդդիմադիրները կը շարունակեն իրենց հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն կացութիւնը բարելաւելու նպատակով նախապայմաններ դնել կառավարութեան վրայ։ Ընդդիմադիրները Երկուշաբթի օր անջատ հանդիպում մը ունեցան ՄԱԿի յատուկ պատուիրակին հետ, որ կը յուսայ անուղղակի բանակցութիւններու սկսիլ Երեքշաբթի օր։

 


comments

Advertisement