By Asbarez | Tuesday, 02 February 2016
Պուէնոս Այրէսի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը, որ կը գտնուի Փալերմօ թաղամասին մէջ, Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետարանի որոշումով ընդգրկուած է քաղաքի շրջագայութիւններու պաշտօնական ցանկին մէջ: Այս մասին կը գրէ
prensacentroarmenio.com.ar կայքը:
Զբօսաշրջիկներուն պիտի ուղեկցին յատուկ պատրաստութիւն անցած զբօսավարներ, որոնց նպատակը զբօսաշրջիկներուն քաղաքի պատմամշակութային կոթողներու, զբօսայգիներու, թատրոններու, թանգարաններու միջոցով համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցելն է:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը ծրագիրին մէջ ներառելով՝ կազմակերպիչները ցանկացած են շեշտել Պուէնոս Այրէսի մէջ հայկական համայնքի դերը, որ մեծ հետք ձգած է քաղաքի կեանքին մէջ:
Մայր տաճարի մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու նպատակով, ծրագիրին ընդգրկուած զբօսավարները այցելեցին հայկական եկեղեցի, հանդիպեցան Արժանթինի եւ Չիլիի մէջ Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի հետ:
Հանդիպման աւարտին, հոգեւոր առաջնորդը հիւրերուն հայկական եկեղեցւոյ մասին գրականութիւն փոխանցեց:
Նշենք, որ Արժանթինի մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմինը 2010 թուականին հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը հռչակած է պատմական յուշարձան: 1938 թուականին օծուած եկեղեցին ընդգրկուած է Արժանթինի մշակութային կարեւորագոյն արժէքներու ցանկին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ