Օպամայի ներկայացուցիչը Սուրիոյ Քիւրտերուն հետ կը խորհրդակցի

By Asbarez | Wednesday, 03 February 2016

 

0203Mcgurk-in-Kobane

 


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ -  <<Ուաշինկթըն Փոս>>չ թերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Պրեթ ՄըքԿըրք այցելած է հիւսիսային Սուրիա, ուր հանդիպում ունեցած է քիւրտ ղեկավարներու հետ: Ասիկա, 2012ին Սուրիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Ֆորտի Դամասկոսէն հեռանալէն ի վեր՝ ամերիկեան վարչակազմէն պատասխանատուի մը <<առաջին բացայայտ այցելութիւնը>> որակուած է: ՄըքԿըրք շրջանին մէջ մնացած է երկու օր: Անոր այցելութեան հիմնական վայրը եղած է Քոպանին:

Թերթը կը գրէ. <<ՄըքԿըրք այցելած է Սուրիոյ հիւսիսի ինքնահռչակ քրտական տարածքը, որ կը կրէ Ռոճաւա անունը>>, որ կը նշանակէ արեւմուտք՝ ակնարկելով արեւմտեան Քիւրտիստանին:

<<Քննարկումներուն նպատակն էր <<Իսլամական պետութեան>> վրայ ճնշումը զօրացնելու ուղիներ որոնել>>, ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը:

<<Ուաշինկթըն Փոս>>չ կ՛աւելցնէ. <<Թուրքիան անհանգիստ է Սուրիոյ քրտական խմբաւորումներուն հզօրացումով, եւ հրասայլեր ու զօրքեր կ՛ուղարկէ սահման՝ սպառնալով զինուորական գործողութիւններու սկսիլ, չարտօնելու համար քրտական նոր տարածքային կազմաւորումի մը յառաջացումը>>:

Քրտական աղբիւրի մը տուեալներով՝ <<Միջազգային դաշինքէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցած է քիւրտերէ եւ արաբներէ կազմուած Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր դաշինքի ղեկավարներուն հետ>>:

 


comments

Advertisement