Սուրիական բանակը շրջափակումէ կ՛ազատէ Հալէպի հիւսիսային շրջաններու 2 կարեւոր գիւղեր

By Asbarez | Thursday, 04 February 2016

 

0204Aleppo

 


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Սուրիոյ <<Սանա>> լրատու գոծակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը Փետրուար 3ին իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ գտնուող շիիներու Նուպուլ եւ Զահրաա գիւղերը, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ խզել Թուրքիոյ եւ Հալէպի իսլամ ծայրայեղականներուն միջեւ կապը։

Այս յաջողութեան նպաստած են ռուսական օդային ռմբակոծումները։

Գիւղերը աւելի քան երեք ու կէս տարի շրջափակուած մնացին ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, որոնք այդ տարածքը օգտագործելով՝ ազատօրէն Թուրքիայէն զէնք եւ զինամթերք կը ստանային։

 


comments