By Asbarez | Friday, 05 February 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Փետրուար 4ին ազդարարեց, թէ փաստերը ցոյց սկսած են տալու, որ Թուրքիան Սուրիա ներխուժելու ծրագիր կը մշակէ։
Մէկ օր առաջ, նախարարութիւնը խստօրէն քննադատած էր Թուրքիոյ իշխանութիւնները, որոնք հակառակ նախնական համաձայնութեան՝ վերջին վայրկեանին որոշած էին արտօնութիւն չտալ ռուսական օդանաւի մը, որ դիտորդական թռիչք կատարէ Թուրքիոյ օդային տարածքին մէջ:
Նախարարութիւնը շեշտեց, թէ այս կեցուածքով, Թուրքիա կը խախտէ <<Բաց երկինք>> համաձայնութեան պայմանները եւ կ՛անտեսէ իր ստանձնած պարտականութիւնները:
Նշենք, որ <<Բաց երկինք>> համաձայնագիրը 1992ին ստորագրուած էր ՆԱԹՕի եւ Վարշաւիոյ ուխտերու երկիրներուն միջեւ՝ նպատակ ունենալով դիտորդական թռիչքներ իրականացնել ստորագրեալ երկիրներու օդային տարածքներուն մէջ: Ներկայիս 34 երկիրներ, ներառեալ Թուրքիա եւ Ռուսիա, ստորագրած են այս համաձայնագիրը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ