Սուրիոյ տագնապին գծով Ժընեւի բանակցութիւնները կը սառեցուին

By Asbarez | Friday, 05 February 2016

0205lavrov


ԺԸՆԵՒ, <<Ռոյթըրզ>>.- Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով այս շաբաթ սկսած Ժընեւի անուղղակի բանակցութիւնները ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի կողմէ ժամանակաւորապէս սառեցուած հռչակուեցան Փետրուար 3ին՝ նշելով, որ բանակցութիւնները Փետրուար 25ին պիտի վերսկսին։

Նշենք, որ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը բանակցութիւններ սկսելու նախապայման կ՛ուզէր սահմանել՝ Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացքի կասեցումը, նկատի ունենալով, որ բանակը վերջերս յատկանշական յաջողութիւններ արձանագրած էր յատկապէս Հալէպ նահանգի հիւսիսային շրջաններուն մէջ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնները պէտք է հրաժարին փառամոլութիւններէ եւ իրենց մեկնակէտը դարձնեն ժողովուրդի շահը:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակից ընդդիմադիր սուրիացիները պէտք է հրաժարին զիրենք նիւթապէս օժանդակող արտաքին ուժերու վրայ յենելէն:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդային հարուածները պիտի չդադրին, մինչեւ <<Իսլամական պետութիւն>> եւ <<Ճապհաթ Նուսրա>> ահաբեկչական խմբաւորումներու պարտութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման հիմնական նախապայմանը պէտք է դարձնել թրքական սահմանէն զէնքի մաքսանենգման կասեցումը:

Նախքան այդ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը կը հրահրէ՝ ռմբակոծելով <<Իսլամական պետութեան>> թշնամիները:

<<Ռուսիա իսկապէս յանձնառո՞ւ է խաղաղութեան հոլովոյթին, թէ այդ հոլովոյթը կ՛օգտագործէ ծածկելու համար նախագահ Ասատին զինուորական յաղթանակ ապահովելու ջանքերը, որոնց նպատակն է հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ մէջ ալաուիական փոքր պետութիւն մը հաստատել>>, հարց տուած էր ան:

 


comments