By Asbarez | Tuesday, 09 February 2016
ԱՆԳԱՐԱ - Թրքական <<Աքշամ>> թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն մեղադրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն խուսափելուն համար:
<<Յունուար 29ին, ռուսական կողմէն Թուրքիոյ օդային սահմանի խախտումէն ետք, մեր նախագահը Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան առաջարկ կատարեց, սակայն ռուսական կողմը տակաւին դրական պատասխան չտուաւ: Ատիկա կը յառաջացնէ այն հարցումը, թէ Փութին ինչո՞ւ մեր նախագահէն կը խուսափ>>ջ, ըսած է Քալըն:
Թուրքիոյ նախագահի բանբերը նաեւ պնդած է, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարող ռուսական օդուժի թիրախը ոչ թէ <<Իսլամական պետութիւն>>ն է, այլ՝ պարզ քաղաքացիները:
Իր կարգին, Էրտողան յայտարարեց. <<Ուաշինկթըն պէտք է Թուրքիոյ եւ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ ընտրանք կատարէ>>՝ Սուրիոյ քիւրտերը <<Քոպանիի ահաբեկիչներ>> կոչելով։
Յիշեցնենք, որ մէկ շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակը Քոպանի այցելած էր՝ հանդիպում ունենալով քիւրտ ղեկավարներու հետ: Էրտողան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա պատրաստ է իր սահմանը բանալու սուրիացի տեղահաններուն առջեւ՝ <<երբ այդ մէկը անհրաժեշտ ըլլայ>>:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ ամերիկացի իր պաշտօնակից Ճան Քերիի հետ՝ քննարկելով շրջանին եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ