Էրտողանի թիկնապահները այս անգամ Էքուատորի հետ դիւանագիտական տագնապ կը ստեղծեն

By Asbarez | Tuesday, 09 February 2016

 

 

 

0209ecuador erdo

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Հարաւային Ամերիկա այցելութիւնը աւարտեցաւ լարուած մթնոլորտի ու անբաղձալի պատահարներու ներքոյ։ Չիլիէն ու Փերուէն ետք, Էրտողան այցելած էր նաեւ Էքուատոր, ուր դմաւորուած էր երկրի նախագահ Ռաֆայէլ Քորէայի կողմէ։ Բայց այդ այցելութեան ընթացքին, որոշ խումբեր, ինչպէս նաեւ երեսփոխան կիներ, բողոքի ցոյցեր ըրած էին Էրտողանի դէմ, իսկ Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին անոնց վրայ ու ծեծած էին զանոնք։

Էրտողանի թիկնապահներուն այս յարձակումը բնականաբար շատ վատ տպաւորութիւն ձգած էր Էքուատորի ընկերային շրջանակներէն ներս։ Երկրի իշխանութիւնները եւս իրենց ընդվզումը արտայայտած էին Թուրքիոյ մօտ Էքուատորի դեսպանին՝ յիշեցնելով, որ թիկնապահներուն պարտականութիւնն է միայն նախագահը պաշտպանել եւ ոչ թէ յարձակիլ ցուցարարներու վրայ։

 

 


comments

Advertisement