Սերպիոյ խորհրդարանի նախագահը Հայաստան կ՛այցելէ

By Asbarez | Tuesday, 09 February 2016

 

0209serbia

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>> -   8 Փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Սերպիոյ խորհրդարանի նախագահ Մայա Կոյքովիչի հետ: Նախարարը արժեւորեց հայ եւ սերպ ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած պատմական, աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք լաւ հիմք կը հանդիսանան երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար:

Մայա Կոյքովիչ նշեց, որ Սերպիան կարեւոր կը նկատէ բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, եւ ինք ուրախ է ըլլալով Սերպիոյ խորհրդարանի առաջին նախագահը, որ Հայաստան կ՛այցելէ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու խորհրդարաններու փոխգործակցութեան սերտացման եւ միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներուն մէջ առաւել արդիւնաւէտ համագործակցութեան հարցեր:

Նախարար Նալբանդեան հիւրին ներկայացուց ղարաբաղեան հարցի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերը:

Մայա Կոյքովիչն ու անոր ընկերակցող սերպ խորհրդարանականները աւելի ուշ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին, եւ ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին։ Անոնք նաեւ շրջագայեցան են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացան Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերու եւ նկարներու, իսկ աւարտին Սերպիոյ խորհրդարանի նախագահը գրառում կատարեց յուշամատեանին մէջ։

 

 


comments

Advertisement