By Asbarez | Wednesday, 10 February 2016
Շահեկան նկատելով ստորեւ ներկայացուած Պոլիս հրատարակուող <<Մարմարա>> օրաթերթի լրատուութիւնը՝ զայն կը փոխանցենք ամբողջութեամբ.
<<Անցեալները կարգ մը լրատու աղբիւրներ հրատարակած էին լուր մը, ուր կը պնդուէր, որ Տիյարպաքըրի հայկական անունը Ամէտ էր, ինչ որ սխալ էր բնականաբար, քանի որ Տիյարպաքըրի հայկական անունը Տիգրանակերտ է, իսկ Ամէտը անոր քրտերէն անունն է։ <<Ճէ.Հէ.Փէ>>ցի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողանն ալ, անցեալները ընդհանրապէս քիւրտերէ բաղկացեալ պատուիրակութեան մը մաս կազմելով հարաւ-արեւելք գացած էր ու հոն պատուիրակութեան հետ միասին շփումնր ունեցած էր զանազան կազմակերպութիւններու հետ։ Այդ կարգէն ան յիշեցուցած էր, որ Տիյարպաքըրի հայկական անունը Տիգրանակերտ է։
Սելինա Տողանի այս յիշեցումը պատճառ դարձաւ, որ ան յարձակումի ենթարկուի։ Եւ ո՛չ միայն ինքը, այլ նաեւ իր ամուսինը՝ Էրտալ Տողանը։ <<Հալքըն Հապերճիսի>> կայքէջին վրայ Իպրահիմ Էօզտողան շատ խիստ յօդուածով մը ծանր ամբաստանութիւններ ըրաւ Սելինա Տողանի հասցէին, զայն եւ անոր ամուսինը <<Էրմէնիճի>> )հայապա՞շտ) որակեց, մեղադրեց նաեւ Քըլըճտարօղլուն, որ, ըստ իրեն, մակերեսային պատճառներով Սելինա Տողանը առաջին կարգի վրայ ընդունած էր ու ապահոված էր անոր երեսփոխան ընտրուիլը։
Յօդուածագիրը կը պնդէ, որ <<Տիգրանակերտ>> անունին տր-ուիլը արդէն փաստ է, թէ Սելինա Տողան <<Էրմէնիճի>> է։ Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Սելինան արդէն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունած էր, ըսած էր, որ նշանակելի է, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին հայուհի մը երեսփոխան կ՛ընտրուի։ Ան պնդած էր նաեւ, որ Հայաստանի սահմանը բացուի։ <<Կ՛երեւի թէ ինքզինք Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կը կարծէ, Հայաստանի անօթիներուն մասին կը մտահոգուի փոխանակ մտահոգուելու Թուրքիոյ անօթիներուն մասին, նաեւ յանդգնութիւնը կ՛ունենայ պահանջելու Հայոց պատրիարքարանին ազատութիւնը>>, կը գրէ յօդուածագիրը։
Վերջաւորութեան դաս մըն ալ կու տայ. <<Նայէ՛ Սելինա հանըմ, թուրքերը Անատոլուն հայերու ձեռքէն չէ՛ որ առին, բիւզանդացիներուն ձեռքէն առին>>, կ՛ըսէ, կը քննադատէ նաեւ Քըլըճտարօղլուն, որ Սելինա Տողանը անմիջապէս որպէս թեկնածու ընդունեց, որովհետեւ ան եւ ամուսինը Տերսիմի պատահարներուն համար <<Ցեղասպանութիւն>> բառը գործածած էին։
Ցաւալի է անշուշտ, որ Սելինա Տողանի աշխատանքը կը մեկնաբանուի այսքան ժխտական ուղղութեամբ։ Այս լուրին արձագանգ հանդիսացող <<Հայ Թեր>>չ կայքէջն ալ իր ցասումը կը յայտնէ ու կը հարցնէ, թէ <<Տիգրանակերտի անունը տալով Տիյարպաքըրը հայկական քաղա՞ք պիտի դառնայ>>։ Կասկած չկայ, որ Սելինայի հայկական ինքնութիւնն է, որ պատճառ կը դառնայ որ կարգ մը շրջանակներ այս տեսանկիւնէն նային անոր երեսփոխանի աշխատանքին>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ