By Asbarez | Thursday, 11 February 2016
ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>>, <<Մարմարա>> - Ինչպէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ունեցած էր արտայայտութիւն մը, որ շատ հաւանաբար մեծ անհանգստութիւն պիտի ստեղծէր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մօտ։ Այդպէ՛ս ալ եղաւ։
Քըրպի ըսած էր, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի նկատեր։ Ասիկա կը նշանակէր՝ հիմնովին հակառակիլ Թուրքիոյ պնդումներուն, ըստ որոնց՝ քրտական այդ կուսակցութիւնը պարզապէս Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան Սուրիոյ մէջ գործող մէկ մասնաճիւղն է։
Քըրպիի այս ցնցիչ յայտարարութիւնը իրապէս նեղացուցած է Թուրքիան, որ իր կարգին, արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած է ամերիկացի դեսպանը, անոր բացատրելու համար, թէ Թուրքիա շատ անհանգստացած է Քըրպիի մերձեցումէն։
Սակայն, Քըրպի այդ հանդիպումէն մէկ օր ետք տրուած մէկ այլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, թէեւ արտասանեց Թուրքիոյ համար որոշ չափով հաճելի խօսքեր՝ ըսելով, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի Ուաշինկթընի կողմէ, սակայն կրկին պաշտպանեց Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան մասին իր յայտարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ այդ գծով ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ <<ոչինչ փոխուած է>>։ Իր կարգին, Էրտողան դարձեա՛լ կոշտ կերպով արձագանգեց Քըրպիի յայտարարութեան:
Թրքական <<Սոնտաքիքա>> լրատուական կայքը Փետրուար 10ին գրեց, թէ Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ու Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ՝ աւելցնելով. <<Մենք Ամերիկային կ՛ըսենք, թէ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, իսկ ամերիկացի պաշտօնատարներ կը պնդեն՝ <<Ո՛չ. մենք զայն ահաբեկչական կազմակերպութիւն չենք համարեր>>… Հէ՛յ, Ամերիկա՛, քանի՞ անգամ կրկնեմ՝ հիմա դուք մե՞զի հետ էք, թէ՝ այդ ահաբեկչական կազմակերպութեան: Հէ՛յ, Ամերիկա՛, քրտական կազմակերպութեանց բնոյթին չէք կրնար ծանօթացնել մեզ: Մենք շատ լաւ կը ճանչնանք զանոնք: <<Իսլամական պետութիւն>>ը եւս լաւ գիտենք: Սակայն դո՛ւք, մինչեւ օրս, չէք կրցած ճանչնալ անոնցմէ որեւէ մէկը, ու այդ պատճառով է որ տարածաշրջանին մէջ արիւն կը հոսի>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ