By Asbarez | Thursday, 11 February 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները վերջին տասնամեակին ընթացքին իրենց վատթարագոյն կէտին հասած են։ <<Մենք կը ցաւինք ատոր համար, բայց միանշանակ կերպով կը շեշտենք, որ Ռուսիան չէ՛ այս իրավիճակին պատասխանատուն>>, ըսաւ բանբերը եւ յիշեցուց, թէ Թուրքիա <<դաւաճանական գործողութիւն>> իրականացուցած է Ռուսիոյ դէմ եւ կը մերժէ անոր համար ներողութիւն խնդրել։
Մեկնաբանելով նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն խօսքերը, թէ Ռուսիա գրաւած է Սուրիոյ հողատարածքին մէկ մասը՝ Փեսքով շեշտեց, որ թէ՛ իրաւական, թէ՛ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն՝ այդ պնդումները ճիշդ չեն։
<<Այդ պնդումները անհեթեթ բնոյթ ունին՝ պարզ պատճառով մը։ Ինչպէս յայտնի է, Ռուսիոյ ռազմական ուժերը Սուրիոյ հողատարածքէն ներս կը գործեն երկիրի օրինական ղեկավարութեան հրաւէրով>>, ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, ռուսական լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, թէ Մոսկուա զարմացած է այն անվերապահ աջակցութենէն, զոր Գերմանիան ցոյց կու տայ Թուրքիոյ՝ Սուրիական հակամարտութեան գծով, միաժամանակ Ռուսիան նկատելով վերջին դէպքերուն գլխաւոր մեղաւորը։
Այս գծով, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, թէ <<որեւէ խօսք չէ ըսուած, առնուազն՝ հրապարակային կերպով, ակնյայտ այն փաստերուն մասին, ըստ որոնց՝ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական սպառնալիքը <<կը սնանի>> թրքական սահմանէն մաքսանենգութեանց միջոցաւ>>։ Լաւրով աւելցուց, թէ Թուրքիայէն դէպի Սուրիա կ՛ուղարկուին զինեալներ, զինամթերք, դրամ ու այլ սարքաւորումներ, որոնք անհրաժեշտ են ահաբեկչական գործունէութիւնները շարունակելու համար, իսկ Սուրիայէն դէպի Թուրքիա <<կը հոսին>> քարիւղ եւ ապօրինի այլ ապրանքներ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ