Թուրքիա բանակցութիւններ կը վարէ <<Իսլամական Պետութեան>> հետ. Լաւրով

By Asbarez | Friday, 12 February 2016

0212Munich

ՄԻՒՆԻԽ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ սուրիական տագնապը <<զինուորական միջոցներով լուծելու վտանգը իրականութեան վերածուեցաւ>>՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա ռուսական օդային հարուածներու շարունակութեան պայմաններուն մէջ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ՝ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ համակարգումը շարունակելու նպատակով:

Ան մտահոգիչ համարեց Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական ուժերու շարժումները՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Ուաշինկթըն դէմ դնէ Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական ներխուժումին:

Լաւրով կրկնեց, որ Թուրքիա նոր ճամբաներ կ՛որոնէ <<Իսլամական պետութենէն>> քարիւղ գնելու համար։ Ան պնդեց, որ Թուրքիա կ՛ուզէ Սուրիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ ստեղծել ապահովական գօտի մը, որովհետեւ կը վախնայ, որ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը աւելի լայն տարածք մը պահեն իրենց հակակշիռին տակ, ինչ որ պիտի դժուարացնէ ապօրինի քարիւղին ու այլ փախստական ապրանքներուն Թուրքիա փոխադրութիւնը։

Նշենք, որ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ, Փետրուար 11ին սկսաւ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի ժողովը, քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապի լուծման միտող միացեալ ջանքերը:

Ակնարկելով Սուրիոյ ապագային նուիրուած բանակցութեանց՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. <<Մոսկուա կը մերժէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը բանակցութիւններէն հեռու պահելու ջանքերը։ Բանակցութիւնները նախապէս ձախողեցան, որովհետեւ Արեւմուտքը պայման դրաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը, իսկ Ռուսիա մեծ ջանք թափեց այս բանակցութիւններու կայացման համար, եւ զանոնք ձախողութեան մատնելու մէջ Ռուսիան ամբաստանելը անտրամաբանական է: Ան նաեւ ռուսական գործողութիւններուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ քաղաքային զոհեր արձանագրուելու մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի յայտարարութիւնները՝ <<փաստերէ զուրկ>> որակեց: <<Թրքական իշխանութիւններուն կողմէ սուրիական բանակի յառաջխաղացքին ուղղուած քննադատութեանց պատճառը սահմանային շրջանները գրաւելու Անգարայի մտադրութիւնն է>>, եզրակացուց ան:

Իր կարգին, Քերի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ընդունի Սուրիոյ մէջ սէուտական ցամաքային ուժեր ուղարկելու առաջարկը:

 


comments