By Aztag Daily | Tuesday, 16 February 2016
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի Միւնիխի մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. <<ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ ցամաքային ուժեր Սուրիա ուղարկելը այլեւս հրատապ անհրաժեշտութեան վերածուած է>>:
<<Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւն շղթայազերծելու հարցը նոր ծրագիր մը չէ>>, ըսաւ ան` նշելով. <<Այս հարցը ծրագրուած էր Միջազգային դաշինքը ղեկավարող Ամերիկայի հետ>>:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց. <<Եթէ Սուրիա ցամաքային ուժեր ուղարկել անհրաժեշտ ըլլայ, ապա ատիկա պէտք է տեղի ունենայ Միջազգային դաշինքի ղեկավարութեան տակ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ