By Asbarez | Wednesday, 17 February 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան 16 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ։
Ռուսիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն՝ վարչապետը յիշեցուցած է, որ Սարգսեանի հետ վերջին անգամ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ, երբ Սարգսեան տակաւին վարչապետ էր։ Անոր համաձայն՝ ներկայիս Տիգրան Սարգսեան կը ղեկավարէ վերազգային կառոյց մը, որ կը վերահսկէ այլ կառավարութիւններու գործունէութեան, մասնաւորաբար՝ Եւրասիական խորհուրդին։ Մետվետեւ այս առնչութեամբ յաջողութիւն մաղթած է Սարգսեանին՝ անոր գործը որակելով բարդ, բայց հետաքրքրական, որ կը միտի համարկման ու մեծ արդիւնքներու ձեռքբերման՝ ի նպաստ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն:
Մետվետեւ նշած է, որ շատ կարեւոր է լիարժէք աշխատանք հաստատել խորհուրդի նոր կազմին հետ՝ արդի խնդիրները լուծելու համար: <<Ներկայիս ես խորհրդակցութիւններ կը կատարեմ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան մեր գործընկերներուն հետ: Դուք գիտէք, որ հիմա խնդիր ունինք Ուքրանիոյ հետ՝ մեր բեռներու տարանցման, զանոնք Ուքրանիոյ տարածքով տեղափոխելու առնչուած: Մենք ստիպուած ենք պատասխան քայլերու ձեռնարկելու>>, յայտնած է Ռուսիոյ վարչապետը՝ նշելով, որ այս հարցը պէտք է համադրել եւ լուծել նաեւ Եւրասիական միութեան ձեւաչափով:
Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուած վստահութեան համար: <<Ես գիտակցում եմ այսօր ինձ վրայ դրուող ողջ պատասխանատուութիւնը եւ այն լուրջ սպասելիքները, որ ունեն անդամ երկրները. նրանք դրական արդիւնքներ են ակնկալում ինտեգրացիոն գործընթացից: Ձեր օգնութիւնը, ի հարկէ կ՛օգնի մեզ աւելի արդիւնաւէտ առաջ շարժուել>>, ըսած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ