Սուրիոյ Քիւրտերու հրամանատար մը կը սպառնայ Թուրքիոյ

By Asbarez | Wednesday, 17 February 2016

 

0210YPG

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ռազմական թեւը հանդիսացող Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներու հրամանատարներէն Պոզանը սպառնացած է քիւրտերու իրաւանց պայքարը Թուրքիա հասցնել:

Ըստ թրքական «Ինթըրհապեր» լրատուական կայքին՝ ան թրքական «Աքսիոն» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ այժմ Սուրիոյ հիւսիսային քրտաբնակ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պիտի կրկնուին նաեւ Թուրքիոյ մէջ: <<Մօտիկ ապագային, օգնութեան պիտի հասնինք Թուրքիոյ մէջ գործող Հայրենասէր յեղափոխական երիտասարդութեան շարժումին>>, ըսած է ան:

Նշենք, որ նշեալ շարժումը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը կը հանդիսանայ:

<<Ինթըրհապեր>> կ՛աւելցնէ, թէ <<Աքսիոն>> թերթը մօտիկ է Փենսիլվենիա ապաստանած թուրք այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլահ Կիւլենի հետեւորդներուն։

comments