Թուրքիոյ բարբարոսութեան նոր փաստեր Տիգրանակերտէն

By Asbarez | Wednesday, 17 February 2016

0217St Sarkis

Սուրի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրած վնասները

ՊՈԼԻՍ - Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին տարածուած են նոր լուսանկարներ, որոնք կը հաստատեն Տիգրանակերտի՝ կրակմարի դրութեան տակ գտնուող Սուր շրջանին մէջ գտնուող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրած ծանր վնասները։ Միաժամանակ, այլ լուսանկարներ ցոյց կու տան, որ թուրք զինուորներ ներխուժած են Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին՝ <<հաւատքի վերադարձնելու համար անհաւատները>>։

Լուսանկարներէն մէկուն մէջ յատկապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ <<Գորշ գայլեր>>ու յատուկ նշանը կատարող զինուոր մը, որուն կցուած երկտողին մէջ կը տրուի հետեւեալ լուսաբանութիւնը. <<Ալփարսլան սուլթանի թոռները հաւատքի կը վերադարձնեն եկեղեցիներու անհաւատները>>: Լուսանկարը <<Թուիթըր>>ի ցանցով հրապարակ իջած էր Փետրուար 12ի իրիկունը:

<<Յառաջ>> կը գրէ, թէ այս առթիւ, <<Երկիր եւ Մշակոյթ>> կազմակերպութեան պատասխանատու մը Փարիզէն կապ հաստատած է այն անձին հետ, որուն վստահուած է եկեղեցւոյ ժամկոչութեան պաշտօնը: Ըստ անոր՝ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանին մէջ գործող ԵՈՒՆԵՍՔՕի գրասենեակը տեղեակ է կացութենէն, բայց ոեւէ մէկը որեւէ բան չի կրնար ընել, որովհետեւ շրջանին մէջ արտակարգ իրավիճակ հաստատուած է:

<<Երկիր եւ Մշակոյթ>>ի պատասխանատուն, մեկնաբանելով իրավիճակը՝ ըսած է <<Չեմ գիտեր, թէ արդեօք կարելի՞ է որեւէ բան ընել, նկատի ունենալով, որ Եւրոպան ոչինչ կ՛ընէ՝ կանխելու համար ջարդը: Ո՛ւր մնաց՝ եկեղեցին>>։

 

comments