By Asbarez | Thursday, 18 February 2016
ԿԼԵՆՏԷՅԼ- Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինին (ՍԱՐՖ) կազմակերպութեամբ, ՍԱՐՖի թելեթոնին մեկնարկը տեղի ունեցաւ 11 Փետրուար 2016ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանը. ներկայ էին գաղութիս երեք համայնքներու հոգեւոր հայրեր, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով բարերարներ եւ հայրենակիցներ:
Երեկոյի հանդիսավարն էր ՍԱՐՖի փոխատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Փետրուար 21ին կայանալիք ՍԱՐՖի թելեթոնին խորհուրդը եւ շեշտեց մեր հայրենակիցներուն նիւթաբարոյական աջակցութեան կարեւորութեան մասին:
ՍԱՐՖի անդամ եւ թելեթոնի յանձնախումբի պատասխանատու Վազգէն Մատենլեան իր կարգին ներկայացուց գործնական աշխատանքներն ու այցելութիւնները, ուր որ անկ է, ի նպաստ ծրագիրի փայլուն յաջողութեան:
Երեկոյի գլխաւոր պատգամաբերն էր Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ հարազատօրէն ներկայացուց սուրիահայութեան ամէնօրեայ տագնապին եւ գոյատեւման պայքարին մասին, յատկապէս՝ Հալէպի մեր հայրենակիցներուն առօրեայ ահն ու սարսափը, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքի անապահով վիճակն ու ցաւը… Ան ըսաւ. «Եկէք զօրակցի՛նք Մայր գաղութ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու ցաւն ու տագնապը մեղմացնելու այս նուիրական աշխատանքին»:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր քաջալերական խօսքերով ու «Պահպանիչ»ով յաջողութիւն մաղթեց սրբազան այս գործի բոլոր աշխատակիցներուն եւ մասնակից կազմակերպութիւններուն։
Երեկոյի հայ երաժշտութիւնը հնչեցուց սիրուած արուեստագէտ Յարութ Փամպուքճեան:
Ինչպէս միշտ, քսակները լայն բացած մեր հայրենակիցներու օժանդակութեամբ հաւաքուած գումարը այդ երեկոյ հասաւ 95,000 տոլարի:
Վարձքը կատա՛ր մեր նուիրատուներուն:
Միասնաբար զօրակցի՛նք ՍԱՐՖի թելեթոն-դրամահաւաքի փայլուն յաջողութեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ