Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը կ՛ընդգրկուի Գերմանիոյ մէկ այլ նահանգի ուսուցչական ուղեցոյցին մէջ

By Asbarez | Friday, 19 February 2016

 

0218Germ geno

ՊԵՐԼԻՆ -  Երբ 2005ին Սփիւռքի եւ ցեղասպանութեան ուսմանց հիմնարկը (Պոխումի Ռուհր համալսարան)՝ տնօրէն Միհրան Տապաղի նախաձեռնութեամբ, Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ նահանգին համար հրատարակեց <<Դպրոցներու Մէջ 20րդ Դարու Ցեղասպանութիւններու Եւ Պետական Ոճիրներու Դասաւանդումը>> խորագրեալ ուսուցչական ուղեցոյցը, անիկա գրաւեց հանրութեան ուշադրութիւնը՝ մեծ աղմուկ բարձրացնելով: Երբ նշեալ հրատարակութեան մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին գլուխ մը, Գերմանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը միջամտեց, որպէսզի այդ հրատարակութեան առաջքը առնուի, բայց վերջինիս ջանքերը ապարդիւն եղան, եւ ուղեցոյցը այնքա՛ն մեծ ժողովրդականութեան արժանացաւ, որ առաջին հրատարակութիւնը շատ կարճ ժամանակի ընթացքին սպառեցաւ:

Ներկայիս նոյն հիմնարկը պատրաստած է ցեղասպանութիւններու մասին այլ ուղեցոյց մը, այս անգամ՝ 2.5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Զաքսն Անհալթ նահանգի կրթութեան եւ մշակութային հարցերու դաշնակցային նախարարութեան պատուէրով եւ գործակցութեամբ Դպրոցներու որակաւորման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման կեդրոնին: 128 էջերէ կազմուած այս նոր ուղեցոյցը կը կրէ <<Ցեղասպանութեանց Դասաւանդումը Դպրոցներու Մէջ>> անունը: Ինչպէս նախորդ հրատարակութիւնը, այս վերջինին բնաբանն ալ մշակուած ու գրուած է Սփիւռքի եւ ցեղասպանութեան ուսմանց հիմնարկին կողմէ: Ուղեցոյցը, որ կ՛ընդգրկէ այս գծով տարուած հետազօտական աշխատանքներու վերջին փուլը, առիթ պիտի տայ ուսուցիչներուն՝ դասարանէն ներս արծարծելու Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը եւ զայն ընդգրկելու դասաւանդուող այլ առարկաներու ցանկին մէջ, ինչպէս՝ պատմութիւն, քաղաքականութիւն, հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ բարոյագիտութիւն: Ուղեցոյցի հիմնական նիւթն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարու բռնութեանց պատմութեան ծիրէն ներս:

Յայտնենք, թէ նշեալ հիմնարկը, որ հիմնուած է 1994ին՝ հայկական նախաձեռնութեամբ եւ հիմնադիր փրոֆ. Միհրան Տապաղի ղեկավարութեամբ, Գերմանիոյ մէջ առաջին եւ միակ հետազօտական կեդրոնն է, որ կը զբաղի ցեղասպանագիտութեանց բաղդատական ուսումնասիրութիւններով եւ կը քննարկէ զանգուածային բռնութեանց յառաջացման, իրագործման եւ հետեւանքներուն առնչուող խնդիրներ: Բացի գիտական հետազօտութիւններէն, հիմնարկի աշխատանքներուն ծիրին մէջ կարեւոր կալուած մըն է նաեւ կրթական համակարգը: Այս ուղղութեամբ հոն կայացած դասախօսութիւններն ու վիճարկումները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն: Իւրաքանչիւր կիսամեակ, այդ հիմնարկը կը յաճախեն 150-300 ուսանողներ, որոնք իրենց դոկտորականը կը պատրաստեն փրոֆ. Տապաղի հետ, հայկական փորձառութիւնը հիմնական եւ կարեւոր նիւթ ունենալով:

 

 


comments