Հրանդ Տինքի անուան <<Մամուլի Ազատութեան>> Իտալական մրցանակի տուչութեան հանդիսութիւն

By Asbarez | Tuesday, 23 February 2016

 

0000DINK

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ Մարտ 1ի յետմիջօրէին, Հռոմի <<Ռիսփոլի>> մատենադարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքի անուան <<Մամուլի ազատութեան>> իտալական մրցանակի տուչութեան 9րդ հանդիսութիւնը:

Հրանդ Տինքի անուան <<Մամուլի ազատութեան>> իտալական մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ այն լրագրողներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ սատարած են ճշմարտութեան ճանաչումին, յատկապէս խօսելով ու պաշտպանելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ու Հայկական Հարցին առնչուող խնդիրները:

Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդին որոշումով <<Մամուլի ազատութեան>> իտալական 2016ի մրցանակը պիտի շնորհուի երկու լրագրողուհիներու՝ Ֆրանքա Ճանսոլտաթի եւ Աննա Մացցոնէի:

Առաջինը իտալական <<Իլ Մեսսաճճերօ>> օրաթերթի լրագրողուհի է, որ յատկապէս կը զբաղի վատիկանեան հարցերով եւ որ 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հրատարակեց <<Անդարձ Երթը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը>> վերտառութեամբ գիրքը, որ արժանացաւ նաեւ Ֆրանսիս պապի գնահատանքին: Իսկ Աննա Մացցոնէ կը համագործակցի իտալական տարբեր հաղորդամիջոցներու հետ. 2011ին իրականացուցած է Արցախի մասին կարեւոր հետազօտական տեսաերիզ մը, ի յայտ բերելով այդ հակամարտութեան իրականութիւնը:

Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը վերոնշեալ մրցանակի տուչութեամբ կ՛ուզէ վառ պահել Հրանդ Տինքի յիշատակը, անոր նահատակութիւնը նկատելով առիթ՝ վերարժեւորելու լրագրողներու դերը աշխարհի մը մէջ, ուր յաճախ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրուած է ու ենթակայ է տնտեսական կամ քաղաքական շահերու եւ ձգտումներու:

Միւս կողմէ մրցանակը առիթ է վերարծարծելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ու գնահատելու բոլոր անոնք, որոնք իտալական շրջանակէն ներս թիկունք կը կանգնին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի պայքարին:

 


 

comments

Advertisement