Հոմսի եւ Սայիտա Զէյնեպի մէջ ականահարումները տասնեակներով զոհեր խլեցին

By Asbarez | Tuesday, 23 February 2016

0223syr

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Հոմս քաղաքին եւ Դամասկոսի գիւղական Սայիտա Զէյնեպ շրջանին մէջ Փետրուար 21ին տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումներու շարքը բազմաթիւ զոհեր պատճառեց: Հոմսի մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումները պատճառեցին առնուազն 57 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Երկու ականուած ինքնաշարժները պայթեցան Զահրա թաղամասին մէջ, ուսանողներ դէպի համալսարան փոխադրող փոխադրակառքերու կառատան մը մօտերը: Շուրջ մէկ ամիս առաջ նոյն կառատունը դարձեալ ականահարուած էր:

Իսկ Սայիտա Զէյնեպ շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումը պատճառեց աւելի քան 90 զոհ եւ 187 վիրաւոր:

Ականահարումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնը:


comments

Advertisement