Սուրիա 140 զոհ խլած պայթումներուն գծով կը մեղադրէ Թուրքիան

By Asbarez | Wednesday, 24 February 2016

 

0224syr bombing

ՊՈԼԻՍ - Թրքական <<Սոնտաքիքա>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փետրուար 21ին մայրաքաղաք Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն եւ Հոմս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումներուն գծով մէկական նամակ յղած է ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին եւ ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին. նամակներուն մէջ կը նշուի, թէ այդ գործողութիւնները իրականացուած են Սուրիոյ տարածքէն ներս գտնուող Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ գործակալներու կողմէ:

Նամակներուն մէջ կը շեշտուի, որ Անգարա եւ Ռիատ նման արարքներով կը փափաքին խափանել Սուրիոյ տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու ջանքերը, միաժամանակ կը պահանջուի, որ պատժամիջոցներ որդեգրուին Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ։

Նշեալ պայթումները աւելի քան 140 զոհ խլած էին, իսկ անոնց պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնը:

 


comments