Պուլկարիոյ մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան կցորդը՝ անբաղձալի անձ

By Asbarez | Wednesday, 24 February 2016

 

 

0224bulg trk

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական <<Վաթան>> թերթը կը հաղորդէ, որ Պուլկարիան անբաղձալի անձ յայտարարած է Պուրկասի մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ Ուղուր Էմիրօղլուն՝ պահանջելով, որ ան լքէ երկիրը, իր դիւանագիտական պարտականութիւններուն չհամապատասխանող գործողութիւններ իրականացնելուն համար։ <<Թուրք դիւանագէտ Ուղուր Էմիրօղլու հաւատարմագրուած է իբրեւ ընկերային հարցերով կցորդ, սակայն ան մեծաւ մասամբ կրօնական գործունէութեամբ կը զբաղի>>, ըսուած է կառավարութեան յայտարարութեան մէջ: Պուլկարիոյ մամուլը նաեւ կը գրէ, թէ թուրք դիւանագէտը ճնշում գործադրած է թրքական համայնքի գլխաւոր քաղաքական կուսակցութեան վրայ, ինչ որ Պուլկարիոյ ներքին քաղաքական գործերուն միջամտութիւն նկատուած է։

<<Վաթան>> կը նշէ, որ Պուլկարոյ խորհրդարանը որոշած է ստեղծել ժամանակաւոր յանձնաժողով մը, որ պիտի քննէ Սոֆիայի ներքին գործերուն Թուրքիոյ կատարած միջամտութիւնները:

 


comments