Միշիկընի խորհրդարանը վաւերացուց ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը

By Asbarez | Thursday, 25 February 2016

ԼԵՆՍԻՆԿ, Միշիկըն - Երեքշաբթի, Փետրուար 23ի երեկոյեան, Միշիկընի նահանգային խորհրդարանը վաւերացուց պետական վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման դասաւանդումը պահանջող թիւ 4493 բանաձեւը:

Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խորհրդարանականներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (110էն 84ը) բանաձեւին կողմ քուէարկած է։ Այժմ բանաձեւը պէտք է վաւերացուի նահանգային Ծերակոյտին կողմէ։

Բանաձեւը ներկայացուած է Միշիկընի նահանգային խորհրդարանի անդամ Քլինթ Քեսթոյի կողմէ։

Հայոց Ցեղասպանութեան կր-թական յանձնախումբի ատենապետ Էտ Յարութիւնեան ողջունեց այս որոշումը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ համայնքի զանազան հայկական եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները համագործակցած էին այս բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով։


comments