Ռուսիա կը պատասխանէ Հայաստանին զէնք ծախելու գծով Ատրպէյճանի բողոքին

By Asbarez | Friday, 26 February 2016

 

0226Zakharova

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Թասս>> - Հակադարձելով Հայաստանին ծախուած զէնքերուն կապակցութեամբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ռուսիոյ յղուած բողոքագիրին՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Հինգշաբթի, Փետրուար 25ին յայտարարեց, թէ Ռուսիա ծածուկ չի պահեր Հայաստանին հետ իր ռազմա-արհեստագիտական գործակցութիւնը՝ կոչ ընելով Պաքուի իշխանութեանց, որ ըմբռնումով մօտենան այդ գործակցութեան։

Զախարովա աւելցուց, թէ զէնքերու այս փոխանակումներուն մասին արդէն իսկ տեղեկութիւններ փոխանցուած են ատրպէյճանցի դիւանագէտներուն՝ յիշեցնելով, որ իբրեւ դաշնակից երկիրներ՝ Ռուսիա եւ Հայաստան բնականաբար սերտօրէն կը համագործակցին ռազմա-արհեստագիտական մարզին մէջ։

Զախարովա նաեւ շեշտեց, թէ նախքան զէնքերու վաճառքը, նկատի կ՛առնուի տարածաշրջանի իրավիճակը, ապա փոխանցումները կը կատարուին այնպիսի ձեւով, որ չխախտեն ուժերու հաւասարակշռութիւնը։

 


comments